ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան դպրոցներու ամավերջի հանդիսութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան հինգշաբթի՝ 4 եւ շաբաթ՝ 6 Դեկտեմբեր 2025-ին։ Այս առիթով անոնք յանձնեցին ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան գնահատագիրներն ու նիւթական նուէրները այն աշակերտներուն, որոնք դպրոցական կեանքի ընթացքին յատուկ ներդրում ունեցած են բարեսիրական, ընկերային եւ կամաւորական աշխատանքներու մէջ։ Այս պարգեւատրումով Շրջանային Վարչութիւնը կը ձգտի ծանօթացնել ՀՕՄ-ի […]

