60 Ամեակի Նուիրուած Շքեղ Պարահանդէս

Armenian Relief Society of Australia A Humanitarian Organisation Dinner Cover

60 Ամեակի Նուիրված Շքեղ Պարահանդէս

Բարձրավորակ, հրաշալի բուրումնաւորուած Հայ երգով ու պարով, ճոխ մթնոլորտի մէջ ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը եզրափակեց իր Մարտ ամսուայ տօնակատարութիւնները շքեղ պարահանդէսով,որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ 22 Մարտ 2025 Renaissance, “Piano Longue”.

ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը իր 60 ամեայ յաղթական ճանապահին եկաւ դարձեալ փաստելու իր մարդասիրական սրբազան առաքելութեան կողին, իր մեծագոյն աշխատանքներէն մին է նաեւ վառ պահել հայ մշակոյթը, երգն ու պարը։

Պարհանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ հայրենիքէն ժամանած ժողովրդական, աշուղական ազգային երգերով աշխարհասփիւռ բեմերը հայաշունչ երգերով ճոխացնող բոլորին կողմէ սիրուած երգիչ Սեւակ Ամրոյանը, ուր ներկաններու հրապուրեց իր իւրայատուկ ձայնով։ Սիտին Համազգայինի պար ասամբլի պարմաններն ու պարմանուհիները նաեւ մաս կազմեցին օրուայ ելոյթին։

Օրուայ բեմավարներն էին ընկերուհիներ Սիւզի Սիմոնեան եւ Էլօ Մկրտիչեան ։

60-ամեակի Կարկանդակի հատումի հրաւիրուեցան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկհ. Նորա Սեւակեան, Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներ, Սօսէ, Նայիրի, Արազ, Արաքս մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ օրուայ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհիները։

Սրտի շնորհակալական խօսքը փոխանցեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Նորա Գրիգորեան։

Համեստ շնորհակալական յուշանուէրներ բաշխուեցաւ օրուայ կազմակերպիչ յանձնախմբին։

Անհուն մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՚ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնք, որոնք միացան մեզ, մեր հետ նշելու մեր Հիմնադրութեան վաթսուն ամեակի ադամանդեայ յոբելեանը։

Ձեր աջակցութիւնն ու նուիրուածութիւնը մեզ ուժ կը ներշնչէ շարունակելու մեր սրբազան առաքելութիւնը։ Միասնականութեան եւ ծառայութեան ոգիով պիտի շարունակենք մեր ուխտը։

Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար

Leave a Reply