Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան 42-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողով

Armenian Relief Society of Australia A Humanitarian Organisation 112

Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան 42-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 15 և Կիրակի 16 Յունիս 2025-ին, Սիտնիի Արարատ սրահէն ներս։ Ժողովին կը մասնակցէին իրաւասու ձայնով 24 պատգամաւորներ ՀՕՄ-ի «Սօսէ», «Արազ» եւ «Արաքս» մասնաճիւղերէն, կը բացակայէր Մելպուրնի «Նայիրի» մասնաճիւղը։

Ժողովին հանգամանօրէն ներկայ էին Աւստրալիոյ ՀՅԴ Դրօ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկհ. Ատել Գրաճեան և ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Ընկհ. Նորա Սեւակեան։ Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով խորհրդակցական ձայնով՝ կը մասնակցէին Ընկհ. Հուրի Մայիսեան եւ Ընկհ. Ալին Պալիօզեան, իսկ ժողովի հրաւէրով կը մասնակցէին Մարի Սարգիսեան և Լուսին Յակոբեան։

Ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Ընկհ. Նորա Գրիգորեան Ժողովը բաց յայտարարեց Տէրունական աղօթքով եւ ՀՕՄի քայլերգով: Ապա խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել մեզմէ առ յայւէտ բաժնուած ընկերուհիներու, բարերաներու եւ Արցախեան պատերազմի զոհուած բոլոր ազատամարտիկներու յիշատակը: Ատենապետուհին խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ իրենց ունեցած յաջողութիւններուն, դժուարութիւններուն, եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Ան նաեւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց տարբեր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, անդամներուն, քոյր միութիւններուն եւ գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք միշտ իրենց զօրակցութիւնը ցուցաբերած են Հայ Օգնութեան Միութեան մարդասիրական ծրագիրներուն:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Ընկհ. Նորա Սեւակեանը, յակիրճ անդրադարձ կատարելով ՀՕՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան մասին։

Յաջորդ բաժնով խօսք առաւ ՀՅԴ Դրօ Կ․Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկհ. Ատել Գրաճեան: Ան բարձր գնահատեց շրջանաւարտ վարչութեան սերտ համագործակցութիւնը եւ տարած հսկայ աշխատանքը:

Ժողովի դիւան ընտրուեցան ընկերուհիներ՝ Նինա Գաբրիէլեան եւ Արշիկ Պետրոսեան իբր նախագահուհիներ, իսկ Լիւսի Սեւակեան եւ Իսկուհի Գարամանուկեան քարտուղարներ։ Օրակարգի ընթացքով յաջորդաբար ընտրուեցան իրաւասութիւններ ճշդող, ընտրողական եւ բանաձեւի յանձնախումբեր, որոնք իրենց լաւագոյնը կատարեցին որ ժողովը հեզասահ եւ արդիւնաբեր յաջողութիւն արձանագրէ։
Յառաջիկայ Շրջանային Վարչութեան ուղեգիծի մշակման օրակարգով եղան շինիչ առաջարկներ։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան կազմի ընտրութիւնը։ Յառաջիկայ Շրջանային Վարչութեան կազմի անդամները ընտրուեցան, ընկերուհիներ՝

  • Նինա Գաբրիէլեան ​​                  Ատենապետ
  • Թերէզ Փամպուքեան ​              Փոխ Ատենապետ
  • Այտա Սարեան ​​                        Ատենադպիր
  • Արշօ Եփրեմեան                       Գանձապահ
  • Մարալ Գահրամանեան​           Հաշուապահ

Ժողովի աւարտին ընկհ․ ատենապետուհին բարձր գնահատեց դիւանի աշխատանքը, նաեւ գնահատեց օրուայ հիւրասիրութիւնը ստանցնող ՀՕՄ-ի Արաքս մասնաճիւղի ընկերուհիները:
Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ժողովի լիազօր և խորհրդակցական ձայնով մանակցողներուն, որոնց թելադրանքներով եւ խորհուրդներով ժողովը յաջողութեամբ աւարտեցաւ։

Leave a Reply