Կիրակի 9 Փերտրուար 2025, յաւէտ Սուրբ անմահ պատարագին, պաշտօնական հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Չադսվուտ Հայ Առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցոյ մէջ, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ի հիմնադիրներու բարերարներու, նուիրեալ ընկեր ընկերուհիներու եւ Արժանաւոր ազգային բարերար Մայր Սոֆիա Յակոբեանի, եւ զոհուած հայ հերոսներուն անթառամ յիշատակը։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնէն ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցով Էտկարեան սրահէն ներս հիւրասիրուելու հոգեսուրճով, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական խօսքերու փոխանցում։
Մէկ վարկեան յոտնկայս լռութիւնէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ՝ ընկհ Մարալ Կիւլիմեան ,ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ.Նորա Գրիգորեան ուր փոխանցեց օրուայ պատգամը եւ հրաւիրեց բոլորին շարունակեն ՀՕՄ-ի ազգային կրթական եւ բարեսիրական աշխատանքները մեր մեծերուն հետեւելով։
Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին խօսքը փոխանցեց ընկհ. Ատէլ Քրաճեան, իսկ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ՝ ընկհ. Նորա Սեւակեան, ուր ընդգծեց ՀՕՄ-ին նուիրուած անձերու յիշատակելու կարեւորութիւնը եւ փոխանցեց կեդրոնական Վարչութեան պատգամը: Ետքը առիթ տրուեցաւ Արժանապատիւ Տէր Աւետիս քահանայ Համբարձումեանին,իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելու,ան իր խօսքին ընդմէջէն արժեւորեց կանացի այս հսկայ կազմակերպութեան տարած հսկայ գործունէութիւնը։
Բոլոր ներկաներուն մատուցուեցաւ աւանդական հայկական հարիսա,որոնք պատրաստուեցան ամենայն սիրով կամաւոր խումբ մը ընկերուհիներու կողմէ։
Նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Վենդվորւիլի Սուրբ Երորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ յարգելու մեզմէ յաւէտ բաժնուած ննջեցեալ ընկերուհիներուն եւ բարերարներու անթարամ յիշատակը։
Յիշատակնին անմար մնայ մեր բոլոր ննջեցեալ բարերարներուն եւ անդամներուն հոգին։
Թող հոգիները խաղաղութեան մէջ հանգչին։
Sunday 9th February, 2025 – ARS Australia held requiem masses across churches in honour of Mother Sofia, benefactor of the ARS, all departed members and supporters of the ARS as well as those who have fallen for the homeland.
Following a minutes silence and opening by Ungh Maral Gulumian, the ARS Regional Chair Ungh Nora Grigorian relayed a message and invited all to continue the legacy of those who have passed. Ungh Adele Kradjian represented the Australian Central Committee, while Ungh Sevagian of the ARS Central Board conveyed the meaning of the mass and the importance of remembering those who have given to the ARS. Rev. Father Avetis Hambardzumyan spoke about the significance of the work of the ARS and traditional Armenia Harissa was served after a blessing from the clergy.
May the souls of our passed benefactors and members rest in peace․

