Գեղարուեստական Հանդիսութիւն
Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը՝ Կիրակի 2 Մարտ 2025-ին «North Ryde school of Arts community» կեդրոնէն ներս, մեծ շուքով եւ արժանավայել վեհութեամբ, գեղարուեստական հանդիսութեամբ նշեց՝ ՀՕՄ-ի Օրը՝ նուիրուած ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 115 ամեակին եւ ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ շրջանի հիմնադրութեան 60 ամեակին։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Աւստրալիոյ ,Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, որմէ ետք մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը միութեան հիմնադիրներուն եւ առյաւէտ բաժնուած անդամներուն եւ բարերարներուն։
Տօնակատարութեան ներկայ էին «Ryde» եւ «Willoughby» քաղաքապետարաններու պաշտօնական ներկացուցիչներ, Սիտնիի Հայ Առաքեալական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Նորայր Աւագ Քհն. Բաթանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ․Նորա Սեւակեան , Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայայցուցիչներ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Կոմիտեներու ներկայացուցիչներ, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ իր մասնաճիւղերու «Սօսէ» «Արազ» «Արաքս» եւ «Նայիրի» Վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ,Հայ դատի եւ Արմենիայ Մետիայի ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆիա Գօլստըն ճեմարնի տնօրէնութիւն, ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Կեդրոնկան Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Armenian Resource Center ներկայացուցիչներ, եւ հոզ բազմութեամբ համակիրներ եւ ՀՕՄուհիներ։
Օրուան հանդիսութեան բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց ընկհ. Սիւզան Մանճիկեան եւ անգնելէնով ընկհ. Նայիրի Աւետիսեան, ուր լուսարձակի տակ առին ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանի 60 նուիրեալ երկար տարիներու պատմականը ու յաղթական երթը։
Օրուան հանդիսութեան յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ ընկ․ Ճորճ Շիշոյեան ասմունքով «Մօր Ձեռքերը» Պարոյր Սեւակէն, մեներգեով «երազի իմ երկիր Հայրենիք» Տիկ․Մակի Պատէլեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիար Հրայր Պատէլեան։ Համազգայինի Գոլստըն ճեմարանի երգչախումբի աշակերտութիւնը երկու ազգային երգերով եւ երկու գեղեցիկ պարերով Համազգայինի Սիտնիի Պարի Անսամբլի պարմանուհիները։ Բոլորը անխտիր իրենց լաւագոյնը ներկայացնելով հրապուրեցին ներկաները եւ յայտագիրը իմաստաւորեցին։
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան պատգամը Փոխանեց ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան Ատենապետուհի ըՆկհ․Նորա Գրիգորեան, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով։ Ան իր խօսքին ընդմէջէն ողջունեց ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 115 ամեակը եւ շրջանիս 60 ամեակը ,անդրադառնալով 1965-ին այս հեռաւոր ափերուն վրայ ծիլ առած Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ իր չորս մասնաճիւղերը «Սօսէ» հիմնուած 1965, «Նայիրի» հիմնուած 1965-ին, «Արաքս» հիմնուած 1975-ին եւ «Արազ» հիմնուած 2008 -ին, որոնք իրենց հիմնադրութիւնէն մինչեւ օրս ուժեղ եւ նուիրական կամքով թիկունք կանքնած են Շրջանային Վարչութեան: Արի երախտագիտութիւն ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց իր մասնաճիւղի Վարչութիւններուն, անդամներուն, համակիրներուն եւ բարերարներուն, որոնց շնորհիւ իրագործած է տեղական եւ համահայկական բոլոր ծրագիրները։
Ան նաեւ նշեց վերջին տասը տարիներու Աւստրալիոյ շրջանի յատկացուցած գումարները համահայկական ծրագիրներուն։ Իր պատգամը եղաւ «ձգտինք ինքնավստահ, հպարտ ու կենսունակ քայլերով դիմաւորել ապագան եւ գիտակցական ոգիով վերարժեւորենք անցեալիս եւ ներկայիս բոլոր կամաւոր եւ նուիրեալ ընկերուհիներուն եւ անդամներուն սուրբ գործը կրկնելով նշանաբանը Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար»։
Յաջորդաբար տեսերիզ վրայ ցուցադրուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ օգնութեան միութեան 60 երկար բեղուն տարիներու գործունէութիւնները հիմնադրութիւնէն մինչեւ օրերս։
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց ընկհ․Նորա Սեւակեան, ուր բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան տարած հսկայ ներդրումը համայկական բոլոր ծրագիրներուն, ան իր խօսքին մէջ նշեց յոբելեանը առիթ մըն է արժեւորելու մեր անցեալը, տօնելու մեր ներկան եւ տեսլական կազմելու պայծառ ապագայի համար» եւ նկարագրեց ՀՕՄուհին՝ «ոսկեպսակը իր ճակտին իր մայրական ու բարեգութ ձեռքը երկարած, բալասան դարձաւ վիրաւորին, սիրոյ աղբիւր անտիրականին յոյս լափթեր յուսահատին»։
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Ընկ․ Վիգէն Քորթեան բարձր գնահատելով ակունի տեսլականով հիմ դրուած կնոջական այս հսկայ կազմակերպութեան տարած բեղուն գործունէութիւնները եւ արժեւորեց բոլոր անոնք, որոնք անխոնջ աշխատած են, զոհողութիւններ կատարած են եւ իրենց սրտերը դրած են այս կազմակերպութեան մէջ։
Առ ի գնահատանք ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս իրենց 50 տարուայ անդամակցութեան եւ երկարտարիներու ծառայութեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան գնահատագիրի արժանացան հետեւեալ 16 վաստակաշատ ՀՕՄուհիները:
Մակի Փայլակեան, Լուսին Հալէպեան, Ծովիկ Գալողլեան, Վարսենիկ Մկրտիչեան, Վալանդին Պիլպոսեան, Ազնիւ Ինկիլիզեան, Անի Ատիլեան, Մարի Պապլանեան, Արաքսի Տէմիրճեան, Աշխէն Պապգենեան, Եբրուհի Շնորոգեան, Վարդուհի Փօլատեան, Յասմիկ Գրիգորեան, Շուշան Գազազեան, նուէր Գարատաղեան։
Պարգեւատրումներուն յաջորդեց կարկանդակի հատումը իր հիմնադիր եւ նուիրեալ ընկերուհիներուն հետ եւ բոլոր անդամուհիմերուն հետ նկարահանում։
Նախքան պահապանիջով փակումը Տէր Նորայր իր շնորհաւորաքները մաղթեց ապա արտայատեց «Այս տօնախմբութիւնը առիթ մըն է յարգանքի տուրք մատուցելու մեր հիմնադիրներուն, որոնք ունեցած էին տեսիլք՝ ստեղծելու կազմակերպութիւն մը, որ պիտի դառնար համայնքային ծառայութեան եւ մշակութի պահպանման խորհրդանիշ»։
Տօնակատարութեան աւարտին օրուայ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն կողմԷ պատրաստուած էր ճոխ հիւրասիրութիւն, ուր ներկաները հիւրասիրուեցան։
Թող մեր անցեալի փորձ ունեցող ընկերուհիները կորով ներշնչեն նոր սերունդին, որպէսզի անոնք արդի գիտելիքներով զինուած ծառայեն հայ ժողովուրդին պահեն մեր ազգային դիմագիծը, վերաշխուժացնեն մեր կազմակերպութիւնը, շարունակեն համահայկական ու հայկական աւանդութիւնները եւ յաղթահարեն խոչընդոտները համոզուելով, որ որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունինք վերաշխուժացման։
60 ամեակդ Շնորհաւոր Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւն
115 ամեակդ Շնորհաւոր ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Փառապանծ անցեալովդ Յառա՜ջ
Թղթակից` Ընկհ. Սիլվա Փամպուքեան

