Միօրեայ Սեմինար

Armenian Relief Society of Australia A Humanitarian Organisation Seminar Final

Շաբաթ, 28 Փետրուար 2026-ին, տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւն Շրջանային Վարչութեան Դաստիրակչական Յանձնախումբի կազմակերպած միօրեայ սեմինարը։
Օրուան առանցքային նիւթերն էին՝ ղեկավարութիւն, կամաւոր ծառայութիւն, հաղորդակցութիւն եւ հայ կինը հասարակական կեանքին մէջ։

Հիւր բանախօսներն էին՝

  • ՀՅԴ Աւստրալիոյ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Associate Professor ընկ. Վիգէն Քորթեան ​  Համազգային Մ. Մաշտոց Մատթէոսեան Վարժարան
  • ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկհ. Նորա Սեւակեան ​  ​​Համազգային Թարգմանչաց Վարժարան
  • Համազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Վիգէն Գալլօղլեան ​​  Համազգային Թումանեան Վարժարան
  • Սօսէ մասնաճիւղի անդամ ընկհ. Սիւզի Սարաֆեան​  Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան

Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Սիլվա Փամպուքեան անդրադառնալով, թէ ՀՕՄ-ի պատմութիւնը հարուստ է օրինակներով, թէ ինչպէս կամաւոր ոգին եւ գիտակից ղեկավարութիւնը միասին կերտած են մնայուն արժէքներ։

Դասախօսները իրենց կարգին բարձր մակարդակի մասնագիտական եւ տպաւորիչ ներկայացումներով, յստակ ու հասկանալի բացատրութիւններով փոխանցեցին իրենց նիւթերը՝ արժանանալով ներկաներու գնահատանքին։

Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ ընկերային գործունէութիւն՝ առնչուած հաղորդակցութեան վերաբերող ներկայացուած նիւթին, որ առիթ ընծայեց մասնակիցներուն գործնական ձեւով խորացնելու իրենց գիտելիքները եւ փոխանակելու մտքեր։
Մասնակիցները հիւրասիրուեցան համեստ եւ կազմակերպուած հիւրասիրութեամբ։

Սեմինարի աւարտին Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի ընկհ. Նինա Գաբրիէլեան, իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան հիւր դասախօսներուն իրենց սուղ ժամանակը տրամադրելու եւ իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը բաժնեկցելու համար։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց Դաստիրակչական Յանձնախումբի ընկերուհիներուն նուիրումն ու կազմակերպչական ջանքերը, որոնց շնորհիւ սեմինարը յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին։

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան այս իւրայատուկ եւ օգտաշատ սեմինարին։

Leave a Reply