ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան դպրոցներու ամավերջի հանդիսութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան հինգշաբթի՝ 4 եւ շաբաթ՝ 6 Դեկտեմբեր 2025-ին։ Այս առիթով անոնք յանձնեցին ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան գնահատագիրներն ու նիւթական նուէրները այն աշակերտներուն, որոնք դպրոցական կեանքի ընթացքին յատուկ ներդրում ունեցած են բարեսիրական, ընկերային եւ կամաւորական աշխատանքներու մէջ։
Այս պարգեւատրումով Շրջանային Վարչութիւնը կը ձգտի ծանօթացնել ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը եւ տարիներու ընթացքին կատարած աշխատանքները հայ աշակերտներուն՝ յատկապէս շեշտելով կամաւոր ծառայութեան մէջ արտայայտուող ազգասիրական եւ մարդասիրական արժէքները։ Մենք հպարտ ենք ունենալու եւ տօնելու այն աշակերտներու ձեռքբերումները, որոնք օրինակելի նուիրումով կը ծառայեն իրենց շրջապատին։
Պարգեւատրուած աշակերտները՝
- Դալար Ադամեան Համազգային Մ. Մաշտոց Մատթէոսեան Վարժարան
- Յակոբ Լեւոնեան Համազգային Թարգմանչաց Վարժարան
- Շիրակ Աւետեան Համազգային Թումանեան Վարժարան
- Սէրա Պերթիկեան Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան
- Սօֆիա Ղարիպեան Համազգային Ս. Փափազեան Վարժարան
ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը իր սրտանց մաղթանքները կը յղէ պարգեւատրուած աշակերտներուն՝ մաղթելով նոր նուաճումներ կրթութեան մէջ, անսպառ եռանդ, անկոտրում կամք եւ իրենց ձգտումներու ու փափաքներու լիարժէք իրականացում։

