ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Նայիրի մասնաճիւղի ընդ. ժողովը՝ նորագիրներու երդում եւ նորընտիր վարչութիւն

Armenian Relief Society of Australia A Humanitarian Organisation 0005

Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2025-ին, Մելպուրնի ՀՕՄ-ի Նայիրի մասնաճիւղը իր անդամական ընդհանուր ժողովը գումարեց, ուր Շրջանային Վարչութիւնը ամբողջ կազմով ներկայ գտնուեցաւ։

Ժողովի նախօրեակին Շրջանային Վարչութիւնը տեսակցութիւններ ունեցաւ շրջանի կոմիտէին, Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հին եւ նոր անդամներուն հետ՝ լսելու, քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու մասնաճիւղը յուզող հարցերու շուրջ։

Մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտնենք թէ՝ ժողովը հեզասահ ընթացք ունեցաւ։ Ուրախալի երեւոյթ մըն էր ընկերուհիներու մեծ թիւով ներկայութիւնը, մասնաւորաբար վեց նորագիր ընկերուհիներու երդման արարողութիւնը, որոնք արդէն մաս կազմեցին Նայիրի մասնաճիւղին։

Ժողովի աւարտին, մեծամասնութեան ձայներով, Նայիրի մասնաճիւղի վարչութեան կազմի ընտրուեցան երեք ընկերուհիներ՝

  • Անի Հայրիկեան
  • Սիլվա Նազարեթեան
  • Վանուհի Մարտիրոսեան

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր Վարչութեան իրենց ծրագիրներուն իրականացման մէջ, որոնք պիտի նպաստեն մասնաճիւղի շարունակական վերելքին։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք անցեալ Վարչութեան իրենց երկարատեւ եւ հետեւողական ծառայութեան համար։

Leave a Reply