Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան 41-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 22 Յունիս 2024-ին, Սիտնիի Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցւոյ սրահէն ներս։ Ժողովին կը մասնակցէին իրաւասու ձայնով 23 պատգամաւորներ ՀՕՄ-ի «Սօսէ», «Արազ» եւ «Արաքս» մասնաճիւղերէն, կը բացակայէր «Նայիրի» մասնաճիւղը։
Ժողովին հանգամանօրէն ներկայ էին Աւստրալիոյ ՀՅԴ Դրօ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ Ընկհ. Հուրի Մայիսեան եւ Ընկ. Կարպիս Սարեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Գէորգ Վարդանեան իսկ խորհրդակցական ձայնով՝ հիւրեր Ընկ. Յակոբ Զարացեան եւ Ընկ. Վարանդ Մկրտիչեան:
Կանոնագրի համաձայն խորհրդակցական ձայնով ժողովի հրաւիրուեցան ընկերուհիներ Սոնա Զէյթունեան եւ Իսկուհի Գարամանուկեան:
Ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Ընկհ. Նորա Գրիգորեան Ժողովը բաց յայտարարեց Տէրունական աղօթքով եւ ՀՕՄի քայլերգով: Ապա խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել մեզմէ առ յայւէտ բաժնուած ընկերուհիներու, բարերաներու եւ Արցախեան պատերազմի զոհուած բոլոր ազատամարտիկներու յիշատակը:
Ատենապետուհին խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ իրենց ունեցած յաջողութիւններուն, դժուարութիւններուն, եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Ան նաեւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց տարբեր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, անդամներուն, քոյր միութիւններուն եւ գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք միշտ իրենց զօրակցութիւնը ցուցաբերած են Հայ Օգնութեան Միութեան մարդասիրական ծրագիրներուն:
Յաջորդ բաժնով խօսք առաւ ՀՅԴ Դրօ Կ․Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկհ. Հուրի Մայիսեան: Ան բարձր գնահատեց շրջանաւարտ վարչութեան սերտ համագործակցութիւնը եւ տարած հսկայ աշխատանքը, նամանաւանդ Արցախահայութեան տեղահանման ժամանակ: Ան անդրադարձաւ երկու կարեւոր կետերու՝ արդիականացումի եւ հաղորթակցութեան, ետքը յաջողութիւն մաղթեց շրջանի գերագոյն ժողովին, խրախուսելով ներկաները առողջ քննարկումներով ու առաջարկներով ուղեգիծը դնել յառաջիկայ Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Աւստրալիոյ Համազգայինի ատենապետ ընկ․ Գէւորգ Վարդանեանը, ուր բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի սերտ յարաբերութիւնը Համազգայինի հետ, նաեւ անդրադարձաւ հայ օգնութեան Միութեան անզուգական դերակատարութեան հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Ժողովի դիւան ընտրուեցան ընկերուհիներ՝ Մարալ Փիլիպոսեան եւ Նինա Գաբրիէլեան իբր նախագահուհիներ, իսկ Արփի Սողոմոնեան եւ Սիւզի Սարաֆեան քարտուղարներ։ Օրակարգի ընթացքով յաջորդաբար ընտրուեցան իրաւասութիւններ ճշդող, ընտրողական եւ բանաձեւի յանձնախումբեր, որոնք իրենց լաւագոյնը կատարեցինք որ ժողովը հեզասահ եւ արդիւնաբեր յաջողութիւն արձանագրէ։
Յառաջիկայ Շրջանային Վարչութեան ուղեգիծի մշակման օրակարգով եղան շինիչ առաջարկներ, որոնցմէ կարելի է յիշել, զարկ տալ ՀՕՄ-ի կայքէջի քարոզչական աշխատանքին, եւ երիտասադներ ներգրաւել ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան կազմի ընտրութիւնը։ Յառաջիկայ Շրջանային Վարչութեան կազմի անդամները ընտրուեցան, ընկերուհիներ՝
- Նորա Գրիգորեան Ատենապետ
- Հայկուհի Սարեան Փոխ Ատենապետ/Հաշուապահ
- Արփի Սողոմնեան Ատենադպիր
- Մարալ Կիւլիւմեան Փոխ Ատենադպիր
- Իռմէն Նորաւեան Փոխ Հաշուապահ
Ժողովի աւարտին ընկհ․ ատենապետուհին բարձր գնահատեց դիւանի նախագահներուն աշխատանքը, նաեւ գնահատեց օրուայ հիւրասիրութիւնը ստանցնող ՀՕՄ-ի Արազ մասնաճիւղի ընկերուհիները:
Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց օրուայ խորհրդակցական ձայնով մանակցող հիւրերուն, որոնց թելադրանքներով եւ խորհուրդներով ժողովը յաջողութեամբ աւարտեցաւ։

