Medical Seminar

Շաբաթ 1 Յունիս 2024-ին, հոծ բազմութեամբ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած բժշկական Սեմինարը։

Բարի գալուստի խօսքէն ետք, յանձնախումբի ընկերուհիները հակիրճ ձեւով ներկայացուցին օրուայ հիւր դասախօսուներուն կենսագրական գիծերը։Օրուայ դասախօսներն էին, հոգեբան Ֆիլա Գասապեան, Սրտաբան Բժկշ․ Աւետիս Էքմէճեան եւ Մաշկաբան Բժշկ․ Աշոտ Խրլոբեան․
Առաջին նիւթով խօսք առաւ հոգեբան Ֆիլա Գասապեան ,ուր անդրադարձաւ ճնշուածութեան ազդեցութիւնը մարդ էակին վրայ, նաեւ ճնշուածութեան ախտանշաները եւ բուժման վերաբերեալ տարբերակները։ Տիկն․Գասապեան իր անհատական փորձարութիւններ մէջբերելով փորձեց վերլուծել այն հարցեր, որոնք հետզհետէ մարդ էակին կրնայ տանիլ անկումի։
Երկրորդ դասխօսն էր Բժշկ․ Աւետիս Էքմէճեան ,ու յստակ շարժապատկերի վրայ նկարները ցոյց տալով բացատրեց, ի՞նչ են պատճառները սրտի երակներու արգելաբակումը , եւ ներկայիս բժշկութիւնը ի՞նչ միջոցառումներ կ՜օգտագործէ բժշկելու նման պարագաներուն։

Երրորդ դասխօսն էր Բժշկ. Աշոտ Խրլոբեան, ուր յստակօրէն բացատրեց, ի՞նչպէս նախսկզբնական քայլերը առնել արեւի ճառագայթին պաշտպանուելու , եւ ի՞նչ են պատճառները Մաշկային քաղցկեղի ,ան նշեց թէ Աւստրալիա աշխարհի ամէն բարձր թիւ ունեցող երկիրը կը համարուի մաշկի քաղցկեղէն տառապող հիւանդներուն։
Իւրաքանչիւր դասախօսութեան աւարտին, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն իրենց մտահոգող ընդհանրական հարցումները հարցնելու։
Ներկաները համեստ ճաշով հիւրասիրուեցան։

Արի գնհատանք ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Ընկհ․ նորա Գրիգորեան, իր խորին շնորհակաղութիւնը յայտնեց վարչութեան կողմէ օրուայ դասախօսներուն եւ անոնց տրամադրած ժամերը փոխանցելու իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները ներկաներուն։
Սեմինարի աւարտին Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի կապ Ընկհ Մարալ Կիւլիւմեան գնահատեց օրուայ դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիները, իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին համար։

Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան օրուայ Սեմինարին։

[/row]

Leave a Reply